2018-02-08 08:36:00

Անդրադառնալով ժողովրդային ցոյցերուն` «մենք պէտք է հասկնանք ժողովուրդի տեսակէտը» կ՛ըսէ Ռուհանի


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, մեկնաբանելով երկրին մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը, յայտարարած է, թէ իշխանութիւնները պէտք է հանդուրժեն քննադատութիւնը եւ հասկնան ժողովուրդի տեսակէտը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Մարդիկ կը քննադատեն տնտեսութիւնը, կը բողոքեն ատոր դէմ, եւ ատիկա ճիշդ է, սակայն անոնց բողոքները չեն սահմանափակուիր տնտեսութեամբ, անոնք ընկերային եւ քաղաքական հարցեր կ՛արծարծեն, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութիւններ: Մենք պէտք է հանդուրժենք այդ քննադատութիւնը եւ հասկնանք, թէ մարդիկ ի՛նչ կ՛ուզեն», ըսած է Ռուհանի:

«Բարեբախտաբար, այսօր երկրին բոլոր պաշտօնեաները կ՛ընդունին ցոյցերու գաղափարը, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ բոլորը կ՛ըսեն, թէ ժողովուրդի ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ», աւելցուցած է իրանցի ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ 28 դեկտեմբեր 2017-ին Իրանի մեծագոյն քաղաքներուն` Թեհրանի, Մեշհետի, Սպահանի եւ Ռեշտի մէջ զանգուածային ցոյցեր տեղի ունեցած էին: Վերջին տուեալներով` ցոյցերուն ընթացքին 25 մարդ զոհուած է եւ 400 ուրիշներ ձերբակալուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.